Posted in Արևմտահայերեն

Շարքին չյարմարող բառը

Մեղու

Ճաշ

Ծածկոց

Բառ

Անգլիա

Կօշիկ

Ասեղ

Սոխակ

Սեւ

Գլուխ

Տանձ

Վարդ քար հաց բառ

Վախնալ խմել բանալ ուտել
…………………………………………………

Գտէ՛ք պահուած բառը

…………………………………………………

Ներբան: գոյական, Ոտքի, կօշիկի ներքեւի մասը
Զիստ: գոյական, Սրունքի հաստ մաս՝ (ծունկէն վեր)
Կոնք: Ողնայարաւորներու իրանը սահմանաւորող երկու մեծ եւ երկու փոքր ոսկորներ
Սրունք: Մարմնի ստորին անդամ
Բազուկ: թեւ
Դաստակ: Ձեռքը բազուկին կապող մաս

Posted in Արևմտահայերեն

Գարնան հրաւերը

Գարնան հրաւէրը
Ձմրան վերջն էր: Օր մը արեւը բարձրացաւ վեր ու աւելի ջերմ շողաց: Արեւին ժպիտովն ալ ծնաւ գարունը:
-Ծառե~ր, ծաղիկնե՜ր, խոտե՜ր ու բոյսե՜ր, արթնցէ՜ք, արթնցէ՜ք, այս ինչքան քնացաք,- ըսաւ գարունը: Ես արդէն եկած եմ արթնցէ՜ք ու երկիրը զարդարեցէք կանաչով:
-Բարե՜ւ, քեզ, բարե՜ւ, սիրելի գարուն,- ըսին խոտերը եւ կանաչ դարձան:
-Բարե՜ւ, Բարե՜ւ,- ըսին ծաղիկներն ու ծառերը եւ սկսան աճիլ ու ծաղկիլ:
-Օ՜, այս ի՜նչ լաւ է, որ եկար, սիրելի՛ գարուն, մենք թմրած էինք,- ըսին մեղուները եւ տզտզալով դուրս ելան իրենց փեթակներէն:
Դուրսը տաք էր: Թռչունները կ’երգէին: Մարդիկ կ’աշխատէին դաշտերուն եւ այգիներուն մէջ: Ամէն տեղ ծաղիկ էր ու կանաչ:
Մեղուները թռան մօտակայ խնձորենիի մօտ եւ խնդրեցին.
-Խնձորենի՜, ծաղիկներդ բա՜ց, որ հիւթդ քաղենք. մենք կարօտցած ենք ծաղիկներուն:
-Ափսո՜ս, շա՜տ ափսոս, որ իմ ծաղկելու ժամանակը չէ, գացէք բալենիին քով:
Մեղուները թռան դէպի բալենին:
-Բարո՜վ եկաք, ժի՛ր մեղուներ սիրունիկնե՛ր,- ըսաւ բալենին,- բայց իմ ծաղիկները դեռ քնացած են, վաղը եկէք:
Միւս կողմէն մեղուներուն կանչեց նշենին, որ իր վարդագոյն ծաղիկները արդէն բացած էր եւ լեցուած էր քաղցր հիւթով:
Մեղուները ուրախ ուրախ թռան դէպի նշենին:
Բառեր
Շողալ.- փայլիլ, ճառագայթել:
Տզտզալ, տզզիւն.- բզզիւն (ճանճի, մեղուի, մժեղի):
Փեթակ.- մեղուատուն:
Այգի.- խաղողի կամ ընդհանրապէս պտղատու ծառեր տնկելու տեղ:
Բալ.- կեռասին թթուաշ (թթու) տեսակը, ծառը ՝բալենի:
Նշենի.- նուշի ծառ:
Հիւթ.- պտուղներէ քամուած հեղուկ:
Ժիր.- աշխոյժ, աշխատասէր:

Հարցումներ

1. Տարուան ո՞ր ամիսը մենք կը հրաւիրենք Գարունը, եւ որ եղանակին վերջաւորութեան:
Ձմրան վերջաւորութեան, մարտ ամսին մենք կը հրաւիրենք գարունը։
2. Ինչո՞ւ համար եկաւ գարունը, ի՞նչ նպատակով:
Գարունը եկաւ, որ Ծառերը, ծաղիկները, խոտերը ու բոյսերը արթնանան։
3. Ի՞նչ եղան խոտերը, ծաղիկներն ու ծառերը երբ գարունը տեսան:
Ծառերն, ծաղիկներն, խոտերն ու բոյսերն արթնացան։
4. Երբ տեսան գարունը Մեղուները ուրախացա՞ն, ի՞նչ ըրին:
Այո, մեղուները ուրախացան երբ տեսան գարունը, նրանք թռան մօտակայ խնձորենիի մօտ։
5. Մեղուները ի՞նչ խնդրեցին խնձորենիէն:
Մեղուները խնձորենուն խնդրեցին որ, նա ծաղիկները բացի, որպեսզի հիւթը քաղեն։ Նրանք կարօտցած էին ծաղիկներուն:
6. Վերջաւորութեան ո՞վ հրաւիրեց մեղուներուն եւ մեղուները ինչո՞ւ ուրախ էին:
Վերջաւորութեան մեղուներուն կանչեց նշենին, որովհետև իր վարդագոյն ծաղիկները արդէն բացած էր եւ լեցուած էր քաղցր հիւթով:
նշենի բալենի
բալենի
խնձորենի

Posted in Արևմտահայերեն

Բարեկենդանը

Ժամանակին այր ու կին մը կային: Այս այրն ու կինը զիրար բնաւ չէին հաւներ:
Մարդը կնոջը կ’ըսէ յիմար, կինը՝ մարդուն, եւ ﬕշտ կը կռուէին: Օր մըն ալ մարդը իւղ
ու բրինձ կ’առնէ, մշակի մը շալակը կու տայ եւ տուն կը տանի:
Կինը կը բարկանայ.
– Երբ որ կ’ըսեմ յիմար ես, չես հաւատար. այդքան իւղ եւ բրինձ ինչո՞ւ համար
առեր բերեր ես. հօրդ տարելի՞ցը կ’ընես, թէ՞ տղուդ հարսանիքը:
-Ի՞նչ տարելից, ի՞նչ հարսանիք, կնի՛կ, ի՞նչ կը խօսիս, տար պահէ,
բարեկենդանի համար է:
Կինը կը հանգստանայ եւ կը տանի կը պահէ մարդուն բերածները:
Ժամանակ կ’անցնի. կինը կը սպասէ ու կը սպասէ, բարեկենդանը չի գար: Օր
մըն ալ սեﬕ ն նստած կ’ըլլայ, կը տեսնէ մարդ մը, որ արագ-արագ փողոցէն կ’անցնի:
Ձեռքը ճակտին կը դնէ ու կը կանչէ.
– Ախպէ՜ր, ախպէ՜ր, կեցիր:
Մարդը կը կենայ:
– Ախպէ՜ր, բարեկենդանը դո՞ւն ես:
Անցորդը կը տեսնէ, որ այս կնկան ծալը պակաս է, կը մտածէ հա ըսեմ, նայիմ
ի՞նչ կ’ըլլայ:
– Հա, ես եմ բարեկենդանը, քոյրիկ ջան, ի՞նչ կայ:
– Ի՞նչ պիտի ըլլայ. ﬔնք քու ծառա՞դ ենք, որ քու իւղդ եւ բրինձդ պահենք. ինչքան
որ պահեցինք, չի՞բաւեր… չե՞ս ամչնար. .. ինչո՞ւ չես գար ապրանքդ տանելու…
– Ինչո՞ւ կը բարկանաս, քոյրիկ ջան, ես ճիշդ ատոր համար եկեր եմ, ձեր տունը
կը փնտռէի, չէի գտներ:
– Դէ եկուր տար:
Մարդը ներս կը մտնէ, իւղն ու բրինձը կը շալկէ, եւ կրցածին չափ արագ կը սկսի
վազել դէպի իրենց գիւղը:
Մարդը տուն կու գայ. կինը կ’ըսէ.
– Հա, էդ բարեկենդանը եկաւ, իր բաները շալակը տու ի գնաց:
– Ի՞նչ բարեկենդան … ի՞նչ բաներ …
– Էդ իւղն ու բրինձը … մէկ ալ տեսայ վերէն կու գայ, ﬔր տունը կը փնտռէր, լաւ
մը խայտառակ ըրի, շալակը տուի տարաւ:
– Վայ քու անխելք տունը քանդուի. երբ կ’ըսեմ յիմար ես, յիմար ես… ո՞ր կողմ
գնաց:
– Էդ կողմ: Մարդը ձին կը նստի եւ բարեկենդանի ետեւէն կ’իյնայ: Ճամբուն վրայ
բարեկենդանը ետեւ կը նայի, կը տեսնէ որ ձիաւոր մը կու գայ. կը գիտնայ որ այդ կնոջ
ամուսինը ըլլալու է:
Կու գայ կը հասնի իրեն.
– Բարի օր, ախպէրացու:
– Աստծու բարին:
– Այս ճամբայէն մէկը չանցա՞ւ:
– Անցաւ:
– Ի՞նչ կար շալակին:
– Իւղ ու բրինձ:
– Հա, ճիշդ այդ կ’ըսէի, որքա՞ն ժամանակ եղաւ անցնելուն:
– Բաւական եղաւ:
– Եթէ ձին քշեմ, կը հասնի՞մ:
– Ինչպէ՞ս պիտի հասնիս, դուն ձիով, ինքը՝ ոտքով. ﬕնչեւ ձիդ չորս ոտքերը
փոխէ՝ մէկ, երկու , երեք, չո՜րս, ան երկու ոտքով՝ մէ՛կ-երկո՛ւ, մէ՛կ-երկո՛ւ, մէ՛կ-երկո՛ւ,
շու տ-շու տ կ’երթայ կ’անցնի:
– Հապա ի՞նչ ընեմ:
– Ի՞նչ պիտի ընես. կ’ու զես ձիդ քովս ձգէ, դուն ալ իրեն պէս ոտքով վազէ, թերեւս
հասնիս:
– Հա՜, ճիշդ կ’ըսես:
Վար կ’իջնէ ձիէն, ձին կը ձգէ ասոր քով, եւ ոտքով ճամբայ կ’իյնայ: Կը հեռանայ
թէ չէ, բարեկենդանը շալակը կը բարձէ ձիուն, ճամբան կը շեղէ, կը քշէ: Մարդը ոտքով
կ’երթայ, կ’երթայ, կը տեսնէ չի հասնիր, ետ կը դառնայ: Ետ կը դառնայ, կը տեսնէ ձին
ալ չկայ: Տուն կու գայ եւ կրկին կը սկսին կռուիլ, մարդը՝ իւղ ու բրինձին համար, կինը՝
ձիու ն … Մինչեւ այսօր ալ այս այր ու կինը դեռ կը կռուին: Մարդը կնոջ կ’ըսէ յիմար,
կինը մարդուն կ’ըսէ յիմար, իսկ բարեկենդանը կը լսէ ու կը ծիծաղի

Posted in Արևմտահայերեն

Անխելք մարդը

Ժամանակին աղքատ մարդ մը կար. որքան կ’աշխատէր, որքան կը չարչարուէր,
նորէն ալ նոյն աղքատը կը մնար: Յուսահատ, օր մը որոշեց երթալ Աստուծոյ մօտ եւ
հասկնալ, թէ ե՞րբ այս աղքատութենէն պիտի ազատէր, եւ ինքն իրեն համար բան մը
խնդրէր: Ճամբան գայլի մը կը հանդիպի.
– Ճամբադ բարի, մարդ-եղբայր, ո՞ւր կ’երթաս,- կը հարցնէ գայլը:
– Աստուծոյ մօտ,- կը պատասխանէ աղքատը,- տարտ ունիմ պատﬔլիք:
– Երբ որ հասնիս Աստուծոյ մօտ,- կը խնդրէ գայլը,- ըսէ որ շատ անօթի գայլ մը կայ,
գիշեր-ցերեկ սար ու ձոր կը պտըտի, ուտելու բան չի գտներ, հարցո՛ւր՝ ﬕնչեւ ե՞րբ
անօթի պիտի մնայ. ըսէ՛ եթէ զինք ստեղծեր ես, ինչո՞ւ ուտելիք չես հասցներ իրեն:
– Լա՛ւ,- կ’ըսէ մարդը եւ կը շարունակէ ճամբան: Շատ կ’երթայ թէ քիչ, կը հանդիպի
սիրուն աղջկայ մը:
– Ո՞ւր կ’երթաս, եղբայր,- կը հարցնէ աղջիկը: – Աստծոյ մօտ:
– Երբ որ տեսնես Աստծուն,- կ’աղաչէ սիրուն աղջիկը,- ըսէ որ երիտասարդ, առողջ,
հարուստ աղջիկ մը կայ, բայց չի կրնար ուրախ ըլլալ, բախտաւոր զգալ ինքզինք. Ի՞նչ
պիտի ըլլայ անոր վիճակը:
– Կ’ըսեմ,- կը խոստանայ ճամբորդը եւ կ’երթայ ու կը հանդիպի ծառի մը, որ թէեւ
ջրափին կանգնած էր, բայց չոր էր:
– Ո՞ւր կ’երթաս, ով ճամբորդ,- կը հարցնէ չոր ծառը: – Աստծոյ մօտ կ’երթամ: – Կեցի՛ր, ես
ալ ըսելիք մը ունիմ,- կը խնդրէ չոր ծառը,- Աստծուն կ’ըսես՝ այս ի՞նչ բան է, բուսեր եմ
զուլալ ջուրի ափին, բայց ամառ-ձﬔռ չոր կը մնամ, ե՞րբ պիտի կանաչիմ: Աղքատը այս
խնդրանքն ալ լսեց եւ շարունակեց ճամբան: Այնքան գնաց, ﬕնչեւ գտաւ Աստծուն:
Բարձր ժայռի մը տակ, ժայռին կռթնած, ծեր մարդու կերպարանքով նստած էր
Աստուած:
– Բարի օր,- ըսաւ աղքատը եւ կեցաւ Աստուծոյ առջեւ:
– Բարով եկար- պատասխանեց Աստուած,- ի՞նչ կ’ուզես:
– Այն կ’ուզեմ, որ բոլորին հաւասար նայիս, մէկուն աւար չտաս, մէկուն՝ խաւար, ես
այնքան կը տանջուիմ, այնքան կ’աշխատիմ, նորէն ալ չեմ կրնար կուշտ փորով հաց
գտնել. իսկ շատերը, որ իմ կէսիս չափ ալ չեն աշխատիր, հարուստ ու հանգիստ
կ’ապրին:
Գնա,- Աստուած ըսաւ,- բախտ տուի քեզի, գնա՛ վայելէ՛…

Posted in Արևելահայերեն, Արևմտահայերեն

Առիւծը և մարդը

Զօրաւոր առիւծ մը, որ նստած էր ժայռի մը վրայ, կը տեսնէ որ գազանները սարսափահար կը վազէին։

Առիւծը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ կը փախէին եւ որմէ՞ կը վախնային։

–Դուն ալ փախիր,- կ’ըսեն,- որովհետեւ մարդը կու գայ։ –

-Ո՞վ է մարդը,- կը հարցնէ Առիւծը,- եւ ի՞նչ է անոր ուժը, որ կը փախիք անկէ։

–Կու գայ եւ քեզի ալ կը վնասէ,- կ’ըսեն։

Իր ուժերուն վստահ՝ Առիւծը կը մնայ իր տեղը։ Եւ ահա կու գայ հողագործ մարդ մը։

–Եկուր կռուինք,- կ’ըսէ հպարտ Առիւծը։

–Շատ լաւ,- կ’ըսէ մարդը,- բայց քու զէնքերդ հետդ են, մինչ իմիններս տունն են։ Քեզ կապեմ, որպէսզի չփախիս, իսկ ես երթամ եւ բերեմ զէնքերս, որպէս կռուինք։

Առիւծը կ’ըսէ. –Երդում ըրէ, որ պիտի գաս եւ ես կ’ընդունիմ ըսածդ։

Մարդը երդում կ’ընէ եւ Առիւծը կը համաձայնի կապուիլ։

Մարդը կը հանէ պարանը եւ Առիւծը պինդ* կը կապէ կաղնիի ծառին, ապա ծառէն կը կտրէ հաստ ճիւղ մը եւ կը սկսի զարնել Առիւծին։

Առիւծը կը գոչէ.

–Աւելի զօրաւոր եւ անխնայ զարկ կողերուս, որովհետեւ այս խելքիս միայն այսպիսի ծեծ կը վայել Continue reading “Առիւծը և մարդը”

Posted in Արևմտահայերեն

Ինչպէս չափես, այնպէս ալ կը չափուիս

Մի օր տղան բարկանում է ծեր հոր վրա, բռնում է ուսի վրա, տանում անտառ, թողնում այնտեղ ու վերադառնում տուն։

Տարիներ անց նա ամուսնացավ, որդի ունեցավ, խնամեց ու մեծացրեց։ Սակայն այս տղան նույնքան անշնորհակալ է, որքան իր հայրը։

Մի օր, երբ նրա սիրտն էլ է ցավում, հայրը բռնում է նրա ուսից ու բարձրանում սարը։

«Տղաս, թողիր ինձ այստեղ և վերադարձիր», – ասաց հայրը:

«Ինչո՞ւ այստեղ»: տղան հարցնում է.

«Ես իմ հորը բերեցի այս ծառի մոտ», – պատասխանում է նա հառաչելով: